Քաթալոնացի ցուցարարները այրած են Սպանիոյ թագաւորի լուսանկարները

2019-11-06
Image

Հազարաւոր քաթալոնացի ցուցարարներ անցեալ գիշեր փողոց դուրս եկած էին՝ իրենց բողոքը յայտնելու Սպանիոյ թագաւոր Ֆիլիփ VI-ի՝ Պարսելոնա այցի դէմ:

Ինչպէս կը յայտնէ BBC News-ը, վանկարկելով «Քաթալոնիան թագաւոր չունի» արտայայտութիւնը՝ ցուցարարները խարոյկի վրայ այրած են թագաւորի լուսանկարները:

Ինքնավար տարածաշրջանին մէջ բողոքի կատաղի ցոյցերը չեն դադարիր շաբաթներ շարունակ: Անհանգստութեան ալիքը բարձրացած է Սպանիոյ՝ այս տարուան երկրորդ համընդհանուր ընտրութիւններուն ընդառաջ:

Ցուցարարները կը պահանջեն ազատ արձակել Քաթալոնիայի նախկին ղեկավարները, որոնց անցեալ ամիս Սպանիոյ Գերագոյն դատարանը դատապարտած է 9-12 տարուան ազատազրկման 2017-ին անկախութեան մասին հանրաքուէի եւ ապստամբութեան կազմակերպման համար: