Փութին չի բացառեր, որ կ'առաջադրուի նոր նախագահական ընտրութիւններուն

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը չի բացառեր, որ պիտի առաջադրուի որպէս նախագահի թեկնածու նոր ժամկէտով, եթէ ընդունուի համապատասխան փոփոխութիւնը սահմանադրութեան մէջ: Այդ մասին երկրի ղեկավարը ըսած է «Ռոսսիա-1» հեռուստաալիքի «Ռոսսիա: Քրեմլ: Փութին» հաղորդման եթերի ժամանակ, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:
«Ես անձնապէս դեռ չեմ որոշած, բայց չեմ բացառեր առաջադրուելու հաւանականութիւնը, եթէ այն պայմանաւորուի սահմանադրութեամբ: Տեսնենք, յետոյ կ'երեւայ»,-ըսած է ան:
Ընդ որում՝ պետութեան ղեկավարը կոչ ըրած է բոլոր պաշտօնեաներուն ներկայիս չփնտռել իրեն ժառանգորդ, այլ զբաղուիլ իրենց աշխատանքով: «Պէտք է աշխատիլ, ոչ թէ ժառանգորդներ փնտռել»,-ըսած է ան:
«Ես այժմ կ'ըսեմ անկեղծօրէն. եթէ համապատասխան փոփոխութիւններ չըլլան սահմանադրութեան մէջ, մէկ-երկու տարի անց արդէն բնականոն աշխատանքի փոխարէն իշխանութեան տարբեր մակարդակներու վրայ կը սկսի որս՝ հնարաւոր ժառանգորդներու փնտռտուքով»,-պարզաբանած է նախագահը:
«Ես լիովին վստահ եմ, որ մենք ճիշդ ըրած ենք, որ փոփոխութիւններ նախաձեռնած ենք սահմանադրութեան մէջ»,-ըսած է նախագահը՝ նշելով, որ ատոր ճիշդ ըլլալը ապացուցած են նաեւ վերջին ամիսներուն կատարուած իրադարձութիւնները:
«Այսօր, փառք Աստուծոյ, կայուն ներքաղաքական իրավիճակ է, սակայն կան նրբութիւններ՝ կապուած մեր ինքնիշխանութեան հետ»,-նշած է նախագահը: Փութինը յիշեցուցած է, որ, մասնաւորապէս, ԽՍՀՄ հանրապետութիւները իրաւունք ունէին դուրս գալ միութեան կազմէն, սակայն ատոր ընթացակարգը կանոնակարգուած չէր:
«Հարց կը ծագի. ինչպէ՞ս վարուիլ, եթէ այս կամ այն հանրապետութիւնը մտեր էր Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ, սակայն ստացեր իր ռուսական հսկայական հողերու «պաշարը», աւանդական ռուսական պատմական տարածքները, այնուհետեւ յանկարծակի որոշեր է դուրս գալ Միութենէն, ըսած է Ռուսաստանի առաջնորդը:-Գոնէ այդ ժամանակ դուրս գար այն հողերով, որոնք ունէր, եւ իր հետ չտանէր ռուս ժողովուրդէն ստացած «նուէրները»: Չ՞է որ այդ ամէնը դուրս գրուած չէր»: