Փութին դարձեալ դէպի նախագահութիւն

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը հաւանութեան արժանացուցած է կրկին ընտրութիւններուն մասնակցելու հնարաւորութեան վերաբերեալ ուղղումը, կը հաղորդէ Gazeta-ն:
Ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, Փութին անհրաժեշտ համարած է ուղղումը համաձայնեցնել Սահմանադրական դատարանի հետ: Անոր խօսքով՝ եթէ ՌԴ Սահմանադրական դատարանը եզրակացութիւն տայ, որ Փութինի կրկին ընտրուելու հնարաւորութեան մասին ուղղումը կը համապատասխանէ Հիմնական օրէնքին, միայն այդ ժամանակ հնարաւոր է նախագահի պաշտօնին իր աշխատանքը շարունակելը:
Ընդ որում՝ Փութին Պետդումայի արտահերթ ընտրութիւններու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ: ՌԼԴԿ առաջնորդ Վլատիմիր Ժիրինովսքին աւելի վաղ առաջարկած էր Հիմնական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու ընդունումէն ետք կայացնել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: «Բնական է, որ վերջնական որոշումը ձերն է: Բայց եթէ այս հարցի վերաբերեալ խորհրդարանէն ներս համաձայնութիւն չկայ, իսկ այդ, ինչպես ինծի ըսաւ Պետդումայի նախագահը (Վոլոտինը - խմբ.), չկայ, ապա ես Պետական դումայի արտահերթ ընտրութիւններու անհրաժեշտութիւն չեմ տեսներ»,- ըսած է ՌԴ նախագահը՝ ելոյթ ունենալով ՌԴ խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Ան նաեւ նպատակայարմար չի տեսներ Սահմանադրութենէն նախագահական ժամկէտներու թիւի սահմանափակումը հանելու առաջարկը: Այս նախաձեռնութեամբ երեքշաբթի հանդէս եկած է «Ետինայա Ռոսիա»-ի պատգամաւոր Վալենթինա Թերեշքովան: «Այն ժամանակ, երբ երկիրը դեռ շատ խնդիրներ ունի, բայց երբ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ոլորտները ձեռք կը բերեն ներքին կայունութիւն, հասունութիւն, երբ պետութիւնը կը դառնայ, անկասկած, աւելի հզօր եւ դուրսէն դժուար խոցելի, այդ ժամանակ, անկասկած, առաջին գիծ կը մղուի իշխանութեան փոփոխելիութեան հնարաւորութիւնը: Այն անհրաժեշտ է երկրի զարգացման ընթացքը ապահովելու համար»,- ըսած է ՌԴ նախագահը:
Ան ընդգծած է, որ «երկարաժամկէտ հեռանկար»ի վրայ հանրութիւնը պէտք է իշխանութեան պարբերական փոփոխութեան երաշխիքներ ունենայ: «Մենք պէտք է ձեր հետ միասին մտածենք ապագայ սերունդներու մասին»,- աւելցուցած է պետութեան ղեկավարը: