Վրաստանի մէջ մէկ օրուան մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 1 նոր դէպք

Վերջին մէկ օրուան ընթացքին Վրաստանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 1 նոր դէպք, եւս 4 վարակուած ապաքինուած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ kvira.ge կայքը` յղում տալով երկրի կառավարութեան ներկայացուցած տուեալներուն:
Վրաստանի մէջ ընդհանուր առմամբ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 828 դէպք, վարակուածներէն 694-ը առողջացած է, 13-ը` մահացած:
3230 մարդ կը գտնուի Վրաստանի քարանթինային գօտիներուն մէջ, եւս 285 մարդ հսկողութեան տակ կը գտնուի հիւանդանոցներու մէջ:
Նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը ամբողջ աշխարհի մէջ 7 461 839 է, մահացած է 419 090 մարդ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը «Քորոնա» ժահրի համավարակ յայտարարած է 11 մարտին: Ժահրը տարածուած է 213 երկրի մէջ: Համաճարակի բռնկման մասին Չինաստանի իշխանութիւնները ԱՀԿ-ին յայտնած են 31 դեկտեմբերին: