Սպանիոյ Քոնկրեսի 21 պատգամաւորներ եւ 15 ծերակուտականներ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւն տարածած են

2020-10-15
Image

Սպանիոյ Քոնկրեսի 21 պատգամաւորներ եւ 15 ծերակուտականներ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը դատապարտող համատեղ յայտարարութիւն տարածած են:

«Միջազգային հանրութեան կոչ կ'ընենք ճանաչելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, Արցախի քաղաքացիներու խաղաղ կեանքի իրաւունքը ապահովելու նպատակով»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: Այս մասին տեղեկացուցին Սպանիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութենէն։