Սէրկէյ Նարիշկին. Ղարաբաղ կ՚ուղարկուին «Ժապհաթ ալ նուսրա»ի ահաբեկիչները

Ղարաբաղին կը սպառնայ ահաբեկչական խումբերու համար նոր յենակէտ դառնալու վտանգը, իսկ այնտեղէն Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածք գրոհայիններու մուտքի վտանգ կայ, յայտարարած է ՌԴ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան պետ Սերկէյ Նարիշքինը:
Ան նշած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հազարաւոր զինեալներ կը տեղափոխուին Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի:
Նարիշքինի խօսքով՝ Թուրքիոյ բաց եւ միանշանակ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին հիմնովին նոր արտաքին գործօն է Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի ներկայիս սրման համար: