Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն Ղարաբաղի մէջ կողմերուն բանակցութիւնները վերսկսելու կոչ ըրած է

2020-11-05
Image

Մոսկուան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կողմերուն կոչ կ'ընէ առաւելագոյն զսպուածութիւն դրսեւորելու, արտաքին ուժերու միջամտութիւն թոյլ չտալու եւ գործնականօրէն աշխատելու հրադադարի, լարուածութեան թուլացման եւ բանակցութիւններու վերսկսման ուղղութեամբ, յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, կը հաղորդէ է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։

«Լեռնային Ղարաբաղի  հակամարտութեան գօտիին վրայ շաբթուայ ընթացքին իրադրութիւնը շարունակած է լարուած մնալ, կողմերու մարտական բախումներու ամբողջ շփման գիծին վրայ նկատուած են փոխադարձ գնդակոծութիւններ, թիրախաւորուած են նաեւ քաղաքացիական կառոյցներ։ Մենք կողմերուն կոչ կ'ընենք դրսեւորելու ծայրայեղ զսպուածութիւն, զերծ մնալու քաղաքացիական բնակչութիւնը հարուածելէ, թոյլ չտալ արտաքին ուժերու միջամտութեան։ Անհրաժեշտ է գործնականօրէն աշխատիլ հրադադարի, լարուածութեան թուլացման եւ բանակցութիւններու վերսկսման ուղղութեամբ՝ հիմնարար սկզբունքներու վրայ հիմնուած խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար»,- ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Զախարովան։