Ռուսաստանի Օդատիեզերական ուժերը կը պատրաստուին զանգուածային հարուած հասցնել Արցախ ուղարկուող ահաբեկիչներու պատրաստման ճամբարներուն

Ռուսաստանի Օդատիեզերական ուժերը կը պատրաստուին զանգուածային հարուած հասցնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համար ահաբեկիչներու պատրաստման ճամբարներուն՝ գրոհայիններուն կողմէ փոխանցուած հաղրդակցական կապերով, կը յայտնէ «WarGonzo»-ի Telegram ալիքը:
Ինչպէս կը հաղորդուի, մինչ այդ սուրիացի գրոհայինները վճարի դիմաց գաղտնազերծած էին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համար ահաբեկչական բանակի պատրաստութեան ճամբարները:
Անյապաղ իրականացուած է լրացուցիչ հետախուզութիւն, տեղեկութիւնը հաստատուած է: