Ռուսաստանի նախագահի խօսնակ Տիմիթրի Փեսքովն ու անոր կինը «Քորոնա»ով վարակուած

2020-05-13
Image

ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովի եւ անոր կնոջ Թաթիանա Նաւքայի մօտ ախտորոշուած է «Քորոնա» ժահր: Այս մասին յայտնած է RIA Novosti լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրի փոխանցմամբ՝ անոնք այժմ կը գտնուին հիւանդանոցը:

«Մենք բժիշկներու հսկողութեան տակ ենք: Ամէն ինչ բնականոն է: Իմ մօտ ամէն ինչ կարգաւորուած է: Չունիմ ջերմութիւն: Տմիթրի Սերկեւիչի մօտ նոյնպէս ամէն ինչ վերահսկողութեան տակ է: Հիւանդանոցն ենք, բուժում կը ստանանք»,- ըսած է Նաւքան:

«Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է նաեւ ՌԴ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի, Քաղաքաշինութեան նախարար՝ Վլատիմիր Եակուշեւի եւ Մշակոյթի նախարար Օլկա Լիւպիմովայի մօտ։