Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութիւնն անփոփոխ կը մնայ. ԱԳ փոխնախարար

2020-01-17
Image

Կառավարութեան փոփոխութենէն ետք Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ պիտի չըլլան: Ինչպէս կը հաղորդէ Gazeta.ru-ն, այս մասին յայտարարած է ՌԴ ԱԳ փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքովը:

Ան նշած է, որ ՌԴ արտաքին քաղաքականութիւնը կ'որոշէ նախագահը, ուստի կառավարութեան փոփոխութենէն ետք արտաքին քաղաքական գիծը կը պահպանուի:

Ռիապքովը նաեւ ընդգծած է, որ ՌԴ արտաքին քաղաքականութիւնն ուղղուած է աշխարհի մէջ Ռուսաստանի դիրքի ամրապնդման: Այն, ըստ փոխնախարարի, միջազգային ասպարէզի մէջ նշանակալի հեղինակութիւն կը վայելէ: