ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչը Քորէայի մէջ մասնակցած է խաղաղութեան «Համաշխարհային գագաթնաժողով 2020»ին

2020-02-27
Image

Վերջերս Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք՝ Սէուլի մէջ, 2-8 Փետրուարին կայացած էր Խաղաղութեան միջազգային ֆետերացիայի կազմակերպած տարեկան «Համաշխարհային գագաթնաժողով 2020»ը:

Հեղինակաւոր գագաթնաժողովին, որպէս ՄԱԿ-ի կողմէ Խաղաղութեան դեսպան, մասնակցած է նաեւ ՌԱԿ-ի Ֆրանսայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Վազգէն Էսքիճեանը, ներկայացնելով Ֆրանսան:

Ներգրաւելով 172 երկիրներէ ժամանած բարձրաստիճան մասնակիցներ՝  Խաղաղութեան համաշխարհային գագաթնաժողովը դարձած է ամենամեայ նշանաւոր համաժողովներէն մէկը քաղաքական, գիտական, կրօնական եւ քաղաքացիական հասարակութեան ոլորտներու ներկայացուցիչներու համար, որոնք համաշխարհային կարծիք կը ձեւաւորեն՝ քննարկելով համաշխարհային խաղաղութիւնը բարելաւելու միասնական հնարաւորութիւններն ու պատասխանատւութիւնը:

Այս ծիրէն ներս, Ընկ. Էսքիճեան միացած է ամբողջ աշխարհէն այնտեղ հաւաքուած առաջատար փորձագէտներուն, որոնք քննարկած են համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման խթանման ընդհանուր հարցեր եւ մասնաւորաբար երկու Քորէաներու միացման հարցը։

Խաղաղութեան միջազգային ֆետերացիայի ամենամեայ բնոյթ կրող խաղաղութեան գագաթնաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած են երկիրներու նախագահներ, վարչապետներ, նախարարներ, երեսփոխաններ եւ կրօնական զանազան առաջնորդներ, ինչպէս նաեւ շուրջ 7000 գիտնականներ:

Միջոցառման ընթացքին յուշանուէր փոխանցուած է երեք համաշխարհային հանգամանք ունեցող անձնաւորութեանց՝  ՄԱԿ-ի նախկին Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին, Սենեկալի նախագահ Մաքի Սալին եւ պաղեստինցի լուտերեան Եպիսկոպոս Միւնիպ Եունէսին, իրենց երկիրներուն մէջ խաղաղութեան սերմանման ուղղուած անոնց ջանքերուն համար:

 

5

 

5

 

5