Պոլիս. Ձերբակալած են «Sputnik»ի գլխաւոր խմբագիրը

2020-03-02
Image

Sputnik Թուրքիայի գլխաւոր խմբագիր Մահիր Պոզթեփէն Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է, կը յայտնէ «Ռիա Նովոսթի»- ն:

Ոստիկանները անոր տարած են անվտանգութեան գլխաւոր վարչութիւն:

Թրքական ոստիկանութիւնը ժամանած է Պոլսոյ գրասենեակ՝ պահանջելով հանդիպում ունենալ գործակալութեան ներկայացուցիչներու հետ: Թուրքիոյ ոստիկանութեան խնդրանքով կազմակերպուած է հանդիպում:

Աւելի վաղ, RT հեռուստաալիքի գլխաւոր խմբագիր Մարկարիթա Սիմոնեանը յայտարարած էր, որ Անգարայի մէջ անյայտ անձինք ներխուժած են Sputnik Թուրքիայի երեք աշխատակիցներու տուներ՝ մեղադրելով անոնց հայրենիքի դաւաճանութեան մէջ: