Պաքու կը հակազդէ Մնացականեանին եւ կը խօսի լարուածութեան աճի մասին

2019-08-29
Image

Պաշտօնական Երեւանը կ'երթայ հակամարտութեան սրացման, յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը, արձագանգելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի վերջին ելոյթին:

Հայաստանի դիւանագիտական  մարմնի եւ արտերկրի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հետ համաժողովը բանալով, Զոհրապ Մնացականեանը պնդած էր՝ «Ատրպէյճանը իր անփոփոխ հայատեաց քաղաքականութեամբ կը շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան սպառնալիք»։

«Հայաստանի նոր իշխանութիւնները պէտք է ի վերջոյ կողմնորոշուին՝ խաղաղութիւն կ'ուզեն, թէ իրավիճակի սրացում»,- արձագանգած է պաշտօնական Պաքուն, պնդելով, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը միտումնաւոր իրավիճակի սրացման կ'երթայ: - «Այդուամենայնիւ, ցանկացած սենարի պարագային ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանը երբեք պիտի չհամակերպուի ներկայիս «սթաթուս-քոյի» հետ, մեր համբերութիւնը անսահմանափակ չէ», -յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Ելոյթին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յիշեցուցած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին դիրքորոշումը. - «Հայաստանը չի կրնար երթալ կարգաւորման որեւէ տարբերակի, որ կրնայ վտանգել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը եւ սահմանափակել ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման շրջանակը»,-ըսած էր Մնացականեանը:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ի պատասխան պնդած է.- «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդ հասկացութիւն գոյութիւն չունի, կան այդ շրջանի հայկական ու ատրպէյճանական համայնքներ: Տարածաշրջանի բնակիչներու ինքնորոշման իրաւունքի ձեւաչափերը յստակ քննարկման կրնան դրուիլ միայն Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնքի հիմնարար իրաւունքները վերականգնելէ, հարազատ բնակավայրեր անոնց անվտանգ վերադարձէ ու արժանապատիւ կեցութիւնը ապահովելէ ետք»:

Հայաստանեան դիւանագէտներու ամենամեայ հաւաքին հակամարտութեան կարգաւորման մասին նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը խօսած էր, վերստին պնդելով՝ «ի սկզբանէ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններուն բանակցող երեք կողմ եղած է, եւ այդ, ըստ էութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ բանակցային ձեւաչափն է»: