Պաքուն բողոքի նօթա յղած է Ուաշինկթընին՝ Արցախի ԱԳ նախարարի՝ ԱՄՆ այցի պատճառով

2019-10-31
Image

Պաշտօնական Պաքուն բողոքի նօթա յղած է Ուաշինկթընին՝ կապուած Արցախի ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանի՝ ԱՄՆ կատարած այցելութեան հետ։

Rusarminfo-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամլոյ քարտուղար Լէյլա Ապտուլաեւան։ Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը Պետական քարտուղարութեան փոխանցած է ատրպէյճանական կողմի բողոքը։  

«Համապատասխան նամակներ ուղարկուած են ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակին, ղեկավար կազմին, յանձնաժողովներու նախագահներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահին»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Մասիս Մայիլեանը նախօրէին ներկայ գտնուած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի նիստերու դահլիճէն ներս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող H.R. 296 բանաձեւի քննարկման։ Քուէարկութեան աւարտէն ետք ան հնարաւորութիւն ունեցած է զրուցելու բանաձեւի համահեղինակներ Ֆրենք Փալոունի եւ Աննա Էշուի հետ եւ  երախտագիտութիւն յայտնելու անոնց։