Չին գիտնականի մը կարծիքով «Քորոնան» պիտի աւարտի 2021 թուականի գարնան

2020-06-25
Image

Չինաստանի առաջատար համաճարակաբաններէն մէկը՝ Չժուն Նանշանը, մինչեւ 2021 թուականի գարուն նոր տեսակի COVID-19 «Քորոնա» ժահրի համավարակի աւարտ կանխատեսուած է: Այս մասին կը յայտնէ «Ժենմին ժիպաո» թերթը:

Ան նշած է, որ համաճարակը չի կրնար աւարտիլ մինչեւ 2020 թուականի ձմեռը: Ընդ որում, ըստ անոր, վարակի լայնածաւալ երկրորդ ալիք չի սպասուիր:

Գիտնականը նաեւ ենթադրած է, որ «Քորոնա» ժահրով վարակման յայտնաբերուած դէպքերու թիւը ձմռան կրնայ աճիլ, կը յայտնէ Gazeta-ն:

Նանշան աւելցուցած է, որ համաճարակաբանական իրավիճակը վերահսկելու համար երկիրներուն անհրաժեշտ է ճիշդ պահին կարճաժամկէտ խիստ միջոցներ ձեռնարկել, այդ շարքին՝ օդային ճանապարհորդութիւններու սահմանափակումները եւ ուսումնական հաստատութիւններու փակումը: