Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ գրանցուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու որոշման նախագիծ

2020-02-19
Image

Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ արձանագրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու մասին որոշման նախագիծ: Ինչպէս կը յայտնէ AnalitikaUA.net-ը, «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութենէն Ուքրանիոյ ժողովրդական պատգամաւոր Տարիա Վոլոտինայի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու վերաբերեալ արձանագրուած է 14 Փետրուարին (№ 3070, 02/14/2020):

Ուքրանիոյ հայերու միութեան ղեկավար Վիլէն Շատուորեան իր մեկնաբանութեան մէջ պատգամաւորի նախաձեռնութիւնը անուանած է կարեւոր քայլ, որ կը վկայէ մարդասիրութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան գաղափարներուն հետեւողական հաւատարմութեան մասին:

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ սա վերջին 10 տարուան ընթացքին արդէն չորրորդ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնն է: Վերջերս «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութեան պատգամաւոր Անթոն Փոլեաքովը գրանցած էր հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշման նախագիծը (№ 2376, 05.11.2019): 6 յունիս 2013-ին Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատան գրանցած էր 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին որոշման նախագիծը: №2254ա օրինագծի նախաձեռնողները Ուքրանիոյ ժողովրդական պատգամաւորներ Վիլէն Շաթուորեանը, Արսէն Աւաքովը եւ Նուէր Մխիթարեանն էին: Իսկ 3 Ապրիլի 2015-ին Գերագոյն Ռատան երկրորդ անգամ գրանցեց պատգամաւոր Վիթալի Պարվինէնքոյի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին որոշման նախագիծը (№ 2530, 04/03/2015 ): Այդ ժամանակ խորհրդարանի նախաձեռնութեան տասնեակ պատգամաւորներ միացած էին: