Ոչ ժողովրդավարական ընտրութիւններ. Եւրոպայի արձագանգը Ատրպէյճանի ընտրութիւններուն

2020-02-11
Image

Լցոնումներու, բազմակի քուէարկութիւններու, անկախ դիտորդներու նկատմամբ ճնշումներու ուղեկցութեամբ Կիրակի օր Ատրպէյճանի մէջ կայացած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները աւարտած են իշխող ընտանիքի հերթական յաղթանակով:

Նախնական արդիւնքներու համաձայն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի գլխաւորած «Ենի Ազերպայճան» կուսակցութիւնը նոր գումարման Միլի մեճլիսին  (Խորհրդարանի) առնուազն 71 պատգամաւոր պիտի ունենայ: Այդ մասին յայտնած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը:

Բացառապէս մեծամասնական ընտրակարգով կայացած ընտրութիւններու ընթացքին շարք մը ընտրատարածքներու մէջ յաջողութեան հասած են նաեւ անկախ թեկնածուներ, որոնց մեծ մասը, սակայն, ոչ միայն սերտ կապեր ունի իշխող կուսակցութեան հետ, այլեւ բացայայտօրէն կ'աջակցէր «Ենի Ազերպայճանի» նախընտրական ծրագրին: Այս պահի դրութեամբ յայտնի է, որ պատգամաւորական մանտաթ պիտի ունենան երկու ընդդիմադիր գործիչներ՝ Էրքին Կատիրլին եւ Վուկար Պայրամովը:

Ընտրութիւններուն կը մասնակցէր 1314 թեկնածու երկու տասնեակ քաղաքական ուժերէ:

17 տարի առաջ հօրմէն իշխանութիւնը ժառանգած նախագահ Իլհամ Ալիեւը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ նախաձեռնած է նախատեսուած հերթական ընտրութիւններէն ինը ամիս առաջ՝ այդ որոշումը պայմանաւորելով երկրի մէջ ընթացող լայնածաւալ տնտեսական բարեփոխումներով:

Պաշտօնական Պաքուն անցած շաբաթներուն կը հաւաստիացնէր, որ ընտրութիւնները պիտի ըլլան թափանցիկ եւ ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան:

Ատրպէյճանական ընդդիմութիւնը, սակայն, կը պնդէ, թէ ընտրութիւնները համատարած կեղծուած են: Այս ընտրութիւնները հիմնական պոյքոթած ընդդիմադիր ուժերը կոչ ըրած են իրենց աջակիցներուն Փետրուար 16-ին դուրս գալ փողոց` ընդդէմ քուէարկութեան կեղծուած արդիւնքներուն:

ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը (ԺՀՄԻԳ), ինչպէս յայտարարած է դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Արթուր Գերասիմովը, նոյնպէս արձանագրած է, որ ընտրութիւնները կայացած են խախտումներով, ոչ թափանցիկ եւ ոչ ժողովրդավար: