Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ կը մնայ ղարաբաղեան խնդրի խաղաղ կարգաւորումին. Մայք Փոմփէօ

2020-05-29
Image

Միացեալ Նահանգները, որպէս ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումին: Այս մասին յայտարարած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար՝ Մայք Փոմփէօն Ատրպէյճանի մէջ եւս Մայիս 28-ին նշուող Հանրապետութեան օրուայ առթիւ իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է․ - «Թէեւ COVID-19-ը աշխարհին բերած է լրջագոյն մարտահրաւէրներ, ես վստահ եմ, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը զայն կը յաղթահարէ արժանապատուութեամբ եւ վճռականօրէն: Միացեալ Նահանգները կ'աջակցի ձեզի եւ կը սատարէ Ատրպէյճանի իշխանութեան ու անկախութեան»:

Ամերիկեան դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ աւելցուցած է, որ «Միացեալ Նահանգներն ու Ատրպէյճանը ուս ուսի տուած կ'աշխատին խաղաղութիւն հաստատելու Աֆղանիստանի մէջ եւ համատեղ ջանքերով ամրապնդելու Եւրոպայի ուժեղ անվտանգութիւնը»: