Միացեալ Նահանգներու մէջ մէկ օրուան ընթացքին մահացած է 1700 վարակակիր. CNN

ԱՄՆ-ի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացութիւններու թիւն ամենաբարձր մակարդակի հասած է, մէկ օրուան մէջ` 1700 մարդ: Այս մասին կը յայտնած է CNN-ը` վկայակոչելով Ճոնս Հոփքինսի համալսարանի կողմէ դաշնային եւ տեղական իշխանութիւններու տուեալներու հիման վրայ եղած հաշուարկները:
Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի բռնկումը գրանցուած էր 2019-ի վերջը Կեդրոնական Չինաստանի մէջ եւ տարածուած է աշխարհի երկիրներու մեծ մասին մէջ եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս համաճարակ:
Ըստ Ճոնս Հոքկինսի համալսարանի տուեալներուն` ԱՄՆ-ի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 396.2 հազար դէպք: 12 722 մարդ մահացած է, առողջացած է 21 763 մարդ: Մէկ օրուան համար մահացութեան նախորդ ամենաբարձր ցուցանիշը գրանցուած էր 3 ապրիլին` 1.4 հազար մարդ: