Մաքրոն յայտարարած է Ֆրանսայի մէջ «Քորոնա» ժահրի նկատմամբ առաջին յաղթանակի մասին

2020-06-15
Image

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը յայտարարած է «Քորոնա» ժահրի համավարակի նկատմամբ առաջին յաղթանակի մասին: Անոր խօսքով՝ այժմ Ֆրանսայի համար գլխաւոր խնդիր կը հանդիսանայ երկրի տնտեսական վերածնունդը, գրած է DW-ն։

Միաժամանակ, Ֆրանսայի նախագահը երկրի քաղաքացիներէն խնդրած է յիշել, որ երկիրը վարակի նկատմամբ դեռ լիակատար յաղթանակ չէ տարած։

«Համավարակի դէմ պայքարը չէ աւարտած, բայց ես ուրախ եմ ժահրի դէմ առաջին յաղթանակի համար»,- ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

Մաքրոնի խօսքով՝ Ֆրանսայի քաղաքացիները արդէն 15 յունիսէն պիտի կարողանան ազատ ճամբորդել ԵՄ երկիրներ:

«Երկուշաբթի օրէն ֆրանսացիները պիտի կարողանան ազատ ճամբորդել Եւրամիութեան երկրներ»,- նշած է ան՝ աւելցնելով, որ Եւրոպայի սահմաններէն դուրս այլ երկիրներ հնարաւոր կ'ըլլայ ճամբորդել 1 յուլիսէն:

Իր ուղերձին մէջ Ֆրանսայի նախագահը անդրադարձած է նաեւ ծերանոցներուն մէջ տիրող իրավիճակին՝ ընդգծելով, որ «այդ հաստատութիւններուն մէջ տարեց մարդոց այցելելու համար անհրաժեշտ է համապատասխան թոյլտւութիւն ստանալ»։

Մաքրոն նաեւ յիշեցուցած է քաղաքացիներուն հաւասար իրաւունքներու եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեան մասին։