Մահացած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքը

Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքը։ Այս մասին լուրը հաղորդեց MTV կայանը։
Ան Ֆրանսայի նախագահ ընտրուած էր 1995 թուականին եւ իր գործունէութեան ընթացքին կարողացած էր դառնալ Արեւմուտք- Արեւելք երկխօսութեան ջատագովներէն մին։
Շիրաք բարեկամական զգացումներ կը տածէր Հայաստանի հանդէպ։
Շիրաք 87 տարեկան էր։