ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին քննարկած են Ղարաբաղի մէջ հրադադարի պահպանման վերահսկողութեան հարցը

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի ռեժիմի նկատմամբ վերահսկողութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Այս մասին գիշերը լրագրողներուն ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպէնզիան, որ հոկտեմբերին կը նախագահէ Խորհուրդը, կը հաղորդէ TACC-ը:
«Այժմ անհրաժեշտ է կիրառել զինադադարը, սա ամենահրատապ խնդիրն է, քանի որ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, բայց այն չէ յարգուած», - ըսած է ան՝ աւելցելով, որ հիմնական հարցը կը մնայ, թէ ինչպէս ապահովել անոր իրականացման վերահսկողութիւնը:
«Այս հարցը, ի հարկէ, քննարկուած է խորհրդակցութիւններու ընթացքին, եւ Խորհուրդը բաւականին միասնական է իր մօտեցումներուն մէջ», - շարունակած է մշտական ներկայացուցիչը: Միեւնոյն ժամանակ, ան բացատրած է, որ ՄԱԿ դիտորդական առաքելութուն տարածաշրջան ուղարկելու համար «Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ յատուկ մանտաթ կը պահանջուի, որովհետեւ այն արագ գործընթաց չէ»: «Տեղեկութիւններ կային, որ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի գործընկերներուն հետ քննարկած է, թէ ինչպէս կրնայ իրականացուիլ այդ վերահսկողութիւնը», -մանրամասնած է Նեպէնզիան:
Դիւանագէտը չէ բացառած, որ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը կրնայ զբաղուիլ դիտարկմամբ, մանաւանդ որ այդ կազմակերպութիւնը կը զբաղուի հակամարտութեան կարգաւորմամբ: «Ով պիտի ըլլայ այնտեղ, ինչ կարգավիճակով պիտի ըլլայ, դեռ հարց է, որ կը քննարկուի», - աւելցուցած է ան: