Ճօ Պայտընը զայրացուցած է թուրքերը

2020-08-18
Image

Թուրք պաշտօնատար անձինք շարունակած են քննադատել ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններու դեմոկրատ թեկնածու Ճօ Պայտընի յայտարարութիւններու տեսանիւթը, որ անցած հանգստեան օրերուն տարածուած է ընկերային ցանցերու վրայ, կը փոխանցէ Bloomberg-ը:

The Weekly վաւերագրական հաղորդաշարին, որ նուիրուած է New York Times-ի մէջ նշանաւոր վերնագրերուն, Պայտընը պատմած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ ԱՄՆ յարաբերութիւններու իր տեսլականի մասին՝ անուանելով անոր «միապետ» («autocrat»): Պայտընը նաեւ ըսած է, որ նախագահ դառնալու պարագային «պիտի քաջալերէ» թրքական ընդդիմութիւնը՝ Էրտողանին յաղթելու համար:

Տեսանիւթը բացասական արձագանգ առաջացուցած է, թուրք քաղաքական գործիչները եւ քաղաքագէտները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնած են:

«Հետաքրքրական է, որ նախագահի թեկնածուն, որ նաեւ փոխնախագահ եղած է, նման սխալներ թոյլ կու տայ»,- մէջբերած է Bloomberg-ը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի կարծիքը, որ յայտնած է Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի հետ հանդիպումէն ետք:

Հիմնական ընդդիմադիր «Ժողովրդա-հանրապետական» կուսակցութեան (ԺՀԿ) մամուլի քարտուղար Ֆաիք Օզթրաքը ըսած է, որ Թուրքիոյ քաղաքական ընդդիմութիւնը կը հոգայ ազգի շահերը, ոչ թէ՝ Միացեալ Նահանգներու: «Մեր ժողովրդավարութիւնը եւ ազատութեան ձգտումը կայսերականութեան հովանավորութեան կարիքը չունին»,- գրած է Օզթրաքը Twitter-ի իր էջին, աւելցնելով՝ «Անկախութիւնը մեր բնոյթն է»: