Ճափոնի մէջ կայացուելիք Ողիմպիական խաղերը յետաձգուեցան

Թոքիոյի ողիմպիական ամառնային խաղերը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառով մէկ տարիով պիտի յետաձգուին: Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէն լրագրողներուն ըսած է, թէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախի հետ զրոյցի ընթացքին առաջարկած է մէկ տարիով յետաձգել Ողիմպիատան: Ըստ վարչապետին, Թոմաս Պախը 100 տոկոսով համաձայնած է:
«Խաղաղ ժամանակներու համար աննախադէպ այս որոշումը ընդունուած է` հաշուի առնելով առկայ իրավիճակը: Բոլոր կողմերը մարզիկներու եւ հանդիսատեսի համար ապահով եւ անվտանգ միջավայր կը ցանկան», - նշած է Ճափոնի վարչապետը:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն յայտնած է, որ խաղերը տեղի կ'ունենան ոչ ուշ, քան 2021 թուականի ամառը, բայց կը կոչուին Թոքիոյի ողիմպիատա 2020: