Ղարաբաղի հակամարտութեան համար կարեւոր տարի. ԵԱՀԿ նախագահ

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումն այս տարի կարեւոր տեղ պիտի զբաղեցնէ նախագահութեան օրակարգին մէջ: Այս մասին յայտարարած է ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Ալպանիոյ ԱԳՆ ղեկավար Էտի Ռաման։
Անոր խօսքով՝ ԵԱՀԿ-ը բազմիցս ապացուցած է, որ կրնայ գործունէութիւն ծաւալել հակամարտային եւ յետհակամարտային իրավիճակներու մէջ։
«Քանի որ ճգնաժամն Ուքրանիոյ մէջ եւ անոր շուրջ կը մնայ Եւրոպայի անվտանգութեան ամենաօրհասական սպառնալիքը, չափազանց կարեւոր է Յատուկ հսկողական առաքելութեան (ՀՀԱ) ուրոյն ներդրումը լարուածութեան թուլացման եւ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման գործին»,- նշած է Ռաման։
Անոր խօսքով՝ Ալպանիոյ նախագահութիւնն իր ներդրումը պիտի ունենայ ԵԱՀԿ սկզբունքներու եւ պարտաւորութիւններու յարգման եւ Մինսքեան համաձայնագրերու լրիւ կատարման գործին՝ աջակցելով խաղաղարար առաքելութիւն իրականացնող Եռակողմ խումբի ջանքերուն եւ Նորմանտական ձեւաչափի գործընթացին։
Ինչպէս նշած է Ռաման, «Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերը ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ, Ժընեւեան միջազգային բանավէճերը եւ անոնց հետ կապուած մեխանիզմները, Մերձտնեսթրեան գործընթացը նոյնպէս կարեւոր տեղ պիտի զբաղցնեն նախագահութեան օրակարգին մէջ»։