Հինգ շրջաններէն զօրքերու դուրսբերում, անվտանգութեան երաշխիքներ, խաղաղապահներ, կարգավիճակի որոշում․ Լաւրովը՝ ԼՂ խնդրի կարգաւորման մասին

2020-10-14
Image

Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ հնարաւոր է ղարաբաղեան հակամարտութեան քաղաքական լուծում տալ եւ պատմած է, թէ ինչպէս: ՌԴ ԱԳ նախարարը այդ մասին յայտարարած է «Սփութնիք», «Քոմսոմոլսքաեայ փրաւտա» եւ «Կը խօսի Մոսկուան» ռատիոկայաններուն տուած հարցազրոյցին։

Լաւրովի խօսքով՝ առաջարկները, որոնք համանախագահները մշակած եւ կը շարունակեն մշակել, կը մնան բանակցութիւններու սեղանին։

Այն է՝

-Ղարաբաղի շուրջ հինգ շրջաններէն հայկական զօրքերու փուլ առ փուլ դուրս բերելը Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխիքներու պահպանմամբ եւ Հայաստանի ու Ղարաբաղի միջեւ յուսալի կապի ապահովմամբ մինչեւ Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշումը։

-Հետագային եւս երկու շրջաններու ազատում եւ Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշում:

-Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութիւնը այս ամբողջ ընթացքին կը պահպանուի նաեւ խաղաղապահներու օգնութեամբ ։

«Այժմ այս տխուր իրադարձութիւնները պէտք է օգնեն աշխուժացնելու այդ գործընթացները, տեղւոյն անվտանգութեան հարցերու լուծման զուգահեռ»,- ըսած է Լաւրով։