Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը ստուեր կը նետէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վրայ. Էրտողան

2019-11-14
Image

13 Նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ կայացած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հանդիպումը: Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Էրտողանը քննադատած է ամերիկացի օրէնսդիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը՝ ըսելով, որ այն «ստուեր կը նետէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ»:

«104 տարուան հնութիւն ունեցող իրադարձութիւններու մասին պէտք է դատեն պատմաբանները, ոչ թէ քաղաքական գործիչները: Մենք թաքցնելու ոչինչ ունինք: Ես կ'ուզեմ յստակ նշել, որ Թուրքիան երկխօսութեան եւ բաց քննարկման ու բանավէճի կողմնակից է: Մենք մեր առաջարկը յայտնած ենք նաեւ հայկական կողմին, որպէսզի երկկողմանիօրէն բանանք արխիւները, պատմաբաններէ կազմուած յանձնաժողով ստեղծենք: Յոյսով եմ՝ Սենաթը ԱՄՆ-ն կը հանէ այս արատաւոր շրջանէն, որ ստեղծուած է Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ ընդունուած բանաձեւի պատճառով»,-յայտարարած է Էրտողանը:

Յիշեցնենք, որ հոկտեմբերի վերջը ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամները Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ ընդունած էին:

Ի դէպ, Էրտողանի այցի դէմ Ուաշինկթընի մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպուած է: