Հայազգի Իկոր Ղահրամանեանը Ռուսաստանի Առողջապահութեան առաջին փոխնախարար

2020-06-03
Image

ՌԴ առողջապահութեան առաջին փոխնախարար նշանակուած է ծերակուտական Իկոր Ղահրամանեանը, կառավարութեան համապատասխան որոշումը հրապարակուած է իրաւական տեղեկատւութեան պաշտօնական կայքին մէջ:

«Իկոր Նիկոլայեւիչ Ղահրամանեանը նշանակել ՌԴ առողջապահութեան առաջին փոխնախարար»,- նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Ղահրամանեանը ՌԴ Դաշնութեան խորհուրդի անդամ է, զբաղցուցած է Դաշնութեան Խորհուրդի ընկերային քաղաքականութեան կոմիտէի առաջին փոխնախագահի պաշտօնը: