Կիպրոսի թրքական հատուածի նախագահը դատապարտեց Թուրքիոյ Սուրիա ներխուժումը. Էրտողան կատղած է

Սուրիոյ մէջ, այսպէս կոչուած, «Խաղաղութեան աղբիւր» անունը կրող գործողութիւնը դատապարտած է Կիպրոսի թրքական հատուածի նախագահ Մուսթաֆա Աքընճըն։
Թրքական Cumhurıyet–ի փոխանցմամբ՝ Կիպրոսի թրքական հատուածի նախագահ Մուսթաֆա Աքընճըն յայտարարած է, թէ որքան ալ Թուրքիան գործողութեան անունը դնէ «Խաղաղութեան աղբիւր», միեւնոյնն է այդ գործողութենէն արիւն կը յորդի, ոչ թէ ջուր։ «Իմ ամենամեծ ցանկութիւնն է, որ մէկ վայրկեան առաջ սկսին երկխօսութիւնը եւ դիւանագիտական ճանապարհով կարգաւորուի խնդիրը»,–ըսած է Կիպրոսի թրքական հատուածի թուրք նախագահը։
Այս խօսքերը, ինչպէս որ սպասելի էր, կատաղեցուցած են Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը, որ յայտարարած է, թէ Կիպրոսի թրքական հատուածի ղեկավարը չափերը անցած է։ «Աշխարհի մէջ միայն Թուրքիան կը ճանչնայ Կիպրոսը որպէս անկախ պետութիւն։ Շուտով կիպրոսցի մեր հայրենակիցները նախագահին լաւ դասեր կու տան»,–ըսած է Էրտողանը։