Կարօ Փայլան․ «Ոչ ոք առանց ԺԴԿ-ի կրնայ յաղթել Էրտողանին»

«Էրմէնիհապէր» կայքէն կը կարդանք ՝
Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) փոխնախագահ, մեճլիսի պատգամաւոր Կարօ Փայլան թրքական «T24» լրատուական կայքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ խօսած է HDP-ի կողմէ նախաձեռնուող քայլարշաւի, պատգամաւորներու ձերբակալութիւններու ու այլ թեմաներու մասին։
Անդրադառնալով այն խօսակցութիւններուն, որ իշխանութիւնները կ'արգիլեն քրտամէտ կուսակցութեան կազմակերպելիք քայլերթը՝ հայ պատգամաւորը նշած է, որ այդ խտրականութիւն կ'ըլլայ HDP-ի նկատմամբ, քանի որ նախագահ Էրտողանը, Քեմալ Քըլըչտարօղլուն (գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան նախագահ) ու Տէվլեթ Պահչէլին («Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ) իրենց ուզած ժամանակ իրենց ուզած ուղղութեամբ քալած են։
Փայլան պատասխանած է նաեւ ընտրական օրէնսգիրքը փոխելու ու այդպիսով փոքր ընդդիմադիր կուսակցութիւններու համար խորհրդարան մտնելու ճանապարհին խնդիրներ ստեղծելու իշխանութիւններու նախաձեռնութիւններու մասին հարցին։ Հայ պատգամաւորը նշած է, որ իրենք չեն վախնար այդ փոփոխութիւններէն, քանի որ HDP-ն միշտ ալ կրցած է յաղթահարել ընտրական շեմը եւ մտնել մեճլիս։
«HDP-ն միշտ ալ յաջողած է մտնել խորհրդարան։ Առանց HDP-ի ոչ ոք կրնայ յաղթել Էրտողանին։ HDP-ի դէմ ըրածներու մէկ հազարերորդական մասը եթէ այլ կուսակցութեան դէմ ըրած ըլլային, չէր կրնար որտքի վրայ կանգնիլ։ Սակայն մենք շատ պինդ կանգնած ենք ոտքի վրայ»։