Իրանի մէջ իրավիճակը կը շիկանայ. մէկ օրուան մէջ «քորոնա» ժահրէն մահուան 75 դէպք, վարակման 429 նոր դէպք

Իրանի մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին գրանցուած է «քորոնա» ժահրով վարակման 429 նոր դէպք: Վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 1075: Մէկ օրուան մէջ գրանցուած է մահուան 75 դէպք, իսկ զոհերու ընդհանուր թիւը կը հասնի 429-ի:
11 Մարտին հաղորդուած է մահուան 63 դէպքի մասին, եւ այդ թիւը մրցանշային է եղած է:
Այս պահուն Իրանը աշխարհի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակման եւ մահացութեան առումով երրորդ տեղը կը զբաղեցնէ: Առաջին տեղը կը գրաւէ Չինաստանը, երկրորդը՝ Իտալիան: