Իրանեան տագնապ. Թրամփ դրական նշաններ ուղարկեց Իրանին

2019-08-28
Image

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ կրնար հադիպում ունենալ Իրանի առաջնորդ Հասան Ռոհանիի հետ ու չէ բացառած, որ այդ հանդիպումը դեռ կրնայ տեղի ունենալ:

Միացեալ Նահանգներու առաջնորդը ընդգծած է, որ այդ կրնայ տեղի ունենալ միայն «հանգամանքներու ճիշդ դասաւորման» պարագային :

«Եթէ հանգամանքները ճիշդ ընտրուին, ես համաձայն կ'ըլլամ Ռոհանիի հետ հանդիպելուն»,- ըսած է Թրամփ եւ յաւելած, որ Իրանի նախագահը կը համարէ «հիանալի բանակցութիւններ վարող», իսկ իրանցիները` «հիանալի մարդիկ»:

Թրամփը կարծիք յայտնած է, որ Իրանի իշխանութիւնը կը ցանկայ «շտկել իրավիճակը», քանի որ պատժամիջոցները իրենց «հսկայական վնաս» կը պատճառեն։