Իտալական երեք քաղաքներ ճանչցած են Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը

Իտալիոյ Ազոլօ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Իտալիոյ հայ տաղանդներու միութեան նախագահ Վալենթինա Քարախանեանը:
Քաղաքային խորհուրդը Արցախի անկախութիւնը ճանչցած է միաձայն:
28 Հոկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցած է Իտալիոյ Չերքիարա տի Քալապրիա քաղաքը:
Իտալիոյ Փալերմօ քաղաքի Քաղաքային խորհուրդը եւս միաձայն ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: