Ինչ տեսք ունի  աղէտահար Ամազոնը

2019-08-28
Image

Բրիտանական BBC հեռուստաընկերութեան թղթակիցը մեկնած է Պրազիլ՝ լուսաբանելու Ամազոնի խոնաւ արեւադարձային անտառներու հրդեհները: Ուղղաթիռէն նկարուած պատկերներուն մէջ կ'երեւի, թէ ինչպէս անտառներու հսկայական տարածքներ կ'այրին, իսկ որոշ շրջաններ ամբողջովին ծուխով պատուած են:

Ամազոնի խոնաւ արեւադարձային անտառներու մրցանշային թիւով հրդեհներու մասին հաղորդուած էր այս շաբաթ: Հրդեհներու թիւի մրցանշային աճին համար քննադատները կը մեղադրեն երկիրի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուն, որ, ըստ անոնց, չի կանգնեցներ անտառահատումներն ու հողագործները կը խրախուսէ ընդլայնելու իրենց տարածքները:

Երկրի իշխանութիւնները միջազգային հանրութեան քննադատութիւններէն ետք, զինուած ուժերը ղրկած են հրդեհաշիջման աշխատանքներ կատարելու:

ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը անտառային հրդեհները միջազգային ճգնաժամ անուանած է եւ մեղադրած է Պոլսոնարուն կլիմայի հարցի պարտաւորութիւնները չկատարելու համար:

Եւրախորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք իր հերթին յայտարարած է, որ կազմակերպութիւնը պատրաստ է Պրազիլի Ամազոնի անտառներուն մէջ հրդեհներու դէմ պայքարի նպատակով նիւթական օժանդակութիւն տալ: Նման պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը:

Ամազոնի խոնաւ արեւադարձային անտառը աշխարհի ամենամեծն է եւ կենսական նշանակութիւն ունի տարբեր կազերու արտանետումներու կլանման գործին մէջ: Այն նաեւ աշխարհի համաշխարհային տաքացումը կը դանդաղեցնէ: