Թրքական հետախուզութիւնը կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն. ՌԴ արտաքին հետախուզութեան տնօրէն

2020-11-06
Image

Թրքական հետախուզութիւնը կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն: Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը «կը զգայ» այդ մէկը եւ կը տեսնէ աշխատանքի «առանձին տարրեր»:

Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինը:

«Թրքական հետախուզական ծառայութեան աշխատանքը մենք կը զգանք, կը տեսնենք այդ աշխատանքի առանձին տարրեր»,- ըսած է ան: