Թրամփ սպառնացած է կործանել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը

2019-10-08
Image

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը սպառնացած է «կործանել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը», եթէ Անգարան դուրս գայ թոյլատրելիի սահմաններէն:

«Ինչպէս արդէն յստակ յայտարարած էմ նախապէս, այժմ կը կրկնեմ, որ եթէ Թուրքիան ինչ-որ քայլ առնէ, որ, իմ մեծ ու չգերազանցուած իմաստուն գնահատականով, կ'անցնի սահմանները, ես ամբողջովին կը կործանեմ եւ կ'ոչնչացնեմ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, ինչպէս ըրած եմ անցեալին»,-  գրած է ԱՄՆ նախագահը Twitter-ի էջին:

Թրամփի խօսքով՝ եւրոպական երկիրները, Թուրքիան եւ միւսները պէտք է հետեւին «Իսլամական պետութեան» բռնուած զինեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն:

«ԱՄՆ-ն շատ աւելին ըրած է, քան ոեւէ մէկը կ'ակնկալէր, մենք 100 տոկոսով կոտրած ենք ԻՊ-ի խալիֆայութիւնը: Այժմ միւսները, որոնք տարածաշրջանին մէջ եւս մեծ հնարաւորութիւններ ունին, պէտք է պաշտպանեն իրենց տարածքը»,- աւելցուցած է ԱՄՆ ղեկավարը:

Թուրք պաշտօնակցի՝ Էրտողանի հետ Թրամփի հեռախօսազրոյցէն ետք Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած էր, որ Թուրքիան պատասխանատւութիւն կը կրէ ԻՊ-ի բոլոր գրոհայիններուն համար, որոնք գերեւարուած են վերջին երկու տարին: