Թրամբն ու Էրտողանը հաստատած են, որ իրենց հանդիպումը պիտի կայանայ 13 Նոյեմբերին` Ուաշինկթընի մէջ

2019-11-07
Image

ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Տանըլտ Թրամբն ու Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը պիտի հանդիպին 13 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ առաջնորդի գրասենեակը:

Նախօրէին Էրտողանը յայտարարած է, որ դեռ չէ որոշած, պիտի կայանա՞յ արդեօք նախատեսուած հանդիպումը եւ որ որոշում պիտի կայացնէ միայն Թրամփի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք:

«Մեր նախագահը հեռախօսազրոյց ունեցած է Տանըլտ Թրամփի հետ: Երկու նախագահներն ալ հաստատած են, որ Ուաշինկթընի մէջ պիտի հանդիպին 13 նոյեմբերին: Կողմերը քննարկած են նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններն ու տարածաշրջանային խնդիրները»,- գրուած է յայտարարութեան մէջ:

Տանըլտ Թրամբը, իր հերթին, Թուիթըրի իր էջին գրած է, որ «լաւ հեռախօսազրոյց ունեցած է» Էրտողանի հետ: Խօսակցութեան ժամանակ հիմնական խօսուած է Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին:

«Էրտողանը ինծի տեղեկացուց, որ թուրք զինուորականները բռնած են «Իսլամական պետութեան» քանի մը զինեալներ, այդ շարքին` ահաբեկիչ-մարդասպան ալ-Պաղտատիի կնոջն ու քրոջը»,- գրած է Թրամբը: