Թուրքիոյ քրտական կուսակցութիւնը կրնայ խորհրդարանէն ետ կանչել իր բոլոր պատգամաւորները

Թուրքիոյ քիւրտերու շահերը ներկայացնող խոշորագոյն քաղաքական ուժը` «Ժողովրդա-դեմոկրատական» կուսակցութիւնը, յառաջիկայ օրերուն պիտի քննարկէ իր պատգամաւորները երկրի Ազգային մեծ ժողովէն ետ կանչելու հնարաւորութիւնը: Այդ մասին Անգարայի մէջ յայտարարած է կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սարուհան Օլուճը:
Անոր խօսքով, կուսակցութեան ղեկավար մարմինները վերջնական որոշումը պիտի կայացնեն յառաջիկայ չորեքշաբթի: Քրտական կուսակցութիւնն այդ քայլով կ'ուզէ իր բողոքը արտայայտել Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Ժողովրդա-դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ հանդիսացող աւելի քան երկու տասնեակ քաղաքապետերու պաշտօնանկութեան դէմ:
Քրտամէտ կուսակցութիւնը Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին մէջ 62 պատգամաւոր ունի: Անոնց շարքին է նաեւ հայազգի օրէնսդիր Կարօ Փայլանը: