Թուրքիոյ մէջ օրէնք չկայ, ոչ մէկը պաշտպանուած է. Կարօ Փայլան

2020-02-20
Image

Թուրքիոյ քրտական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը «Կեզի այգի»ի դատավարութեան հետ կապուած գրառում կատարած է Twitter–ի էջին։

Կարօ Փայլանը գրած է. «Անոնք, որոնք կ'ուզեն, որ Թուրքիոյ մէջ ամէն ինչ լաւ ըլլայ, կրցան Էրտողանը համոզել, որ «Կեզի այգի»ի գործով մեղադրեալներն արդարացուին։ Սակայն յանցախումբը, որ չուզեր, որ Թուրքիոյ մէջ ամէն ինչ կարգաւորուի, համոզեց Էրտողանը, որ Օսման Քաւալան շարունակէ մնալ անազատութեան մէջ։ Այս երկրին մէջ օրէնք չկայ, ոչ մէկը պաշտպանուած է»:

Նշենք, որ «Կեզի այգի»ի դատական գործով դատավարութեան բոլոր մեղադրեալներն արդարացուած են, սակայն յայտնի թուրք իրաւապաշտպան Օսման Քաւալան դատարանին մէջ դարձեալ ձերբակալուած է այս անգամ արդէն 2016–ի յեղաշրջման փորձի գործով։