Թուրքիոյ մէջ Քրիստոնեաներու դէմ ճնշումները կը սաստկանան

2019-07-30
Image

Նախագահ՝Ռէճէբ Թայէպ  Էրտողանի իւ իր իսլամական կուսակցութեան օրով, Թուրքիան աստիճանաբար հեռացաւ արեւելքի եւ արեւմուտքի կամուրջ հանդիսանալու իր պատմական դերէն եւ աւելին սաստկացուց քրիստոնեաներու դէմ հալածանքները, ըսած է՝ ICC-ն Միջազգային Քրոստոնէական գործերով զբաղող կազմակերպութիւնը:

Յունիսին Միացեալ Նահանգներու դաւանանքի ազատութեան յանձնաժողովը Քոնկրեսի մէջ Թուրքիոյ մասին նիստեր գումարեց, ուր ելոյթ ունեցան յայտնի վերլուծաբաններ: Թուրքիան երկար ժամանակ ամենաչափաւոր իսլամական երկրներէն մէկը եղած էր, կրօնական փոքրամասնութիւններով: Բայց վերջին տասնամեակներու ընթացքին անոնց թիւը կրճատուեցաւ նկատի առնելով յաճախակի բախումներն ու հալածանքները:

 Յայտնի  ակադեմական  գործիչ Մուսթաֆա Ակէօլը   ըսած է Քոնկրեսին թէ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը ազատութեան բարեփոխութիւնները շրջանցելով, դարձած է կասկածամիտ ու մենատիրական  կուսակցութիւն մը, որ ամէնուրէք կը փնտռէ Արեւմուտքի ազդեցութիւնն ու անոր 5րդ շարասիւներու երեւակայական դաւադրութիւնները:

Իսկ Լիզել Հենցը՝ Ճոն Հոփկինզի համալսարանի մասնագիտացած միջազգային հետազոտութիւններու դպրոցի միջազգային յարաբերութիւններու ամպիոնի տնօրէնը  նշած է թէ, ներկայ թուրքիոյ մէջ, ակնյայտօրէն կը գերակշռէ Թուրքիոյ քաղաքացիներու մասսան: «Լաւ թուրք ըլլալու համար, ոչ միայն պարզապէս իսլամ պէտք է ըլլալ այլ Սիւննի իսլամ» ըսած է ան։

ICC կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ՝ Քոլթոն Կրելին եւ Ալիսա Հեյսըն պնդած են, որ աշխարհիկ Թուրքիան սիւննիական իսլամական պետութիւն դառնալու ցանկութիւն կը ցուցաբերէ: « Թէեւ կրօնական հալածանքները աւելի զուսպ են համեմատաբար այլ սիւննիական երկրներու, բայց երկիրը աստիճանաբար կ'ուղղուի դէպի արեւելք»:

Անոնք մէջբերած են պատուելի Անտրու Պրոնսոնի հարցը, որ նոյնպէս վկայութիւններ տուած է Քոնկրէսին  մէջ:  Թրքական կառավարութիւնը ամբաստանած է Պրանսոնին որպէս լրտես եւ երկու տարի բանտարկած: Ամենայն դէպս, ՄԱԿի կամայական ձերբակալութիւններու խումբը այս տարուայ սկիզբը եզրակացուցած է, որ Պրոնսոնին հալածած են Քրիստոնեայ  եւ  Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի ըլլալու համար:

Պրոնսոնը միակ քրիստոնեան չէ, որ ենթարկուած է այսպիսի ճնշման: «Թրքական կառավարութիւնը արագացուցած է օտար երկրացիներու արտաքսումը Թուրքիայէն», ըսած է հոգեւորականը նիստերու ընթացքին:

«Վերջին տարիներուն, աւելի քան 50 աւետարանական ընտանիքներ ստիպուած հեռացած են երկրէն»:

Ըստ Պրոնսոնի՝ այս բոլորը կը ստեղծէ անհանգիստ վիճակ  թուրքիոյ քրիստոնեաներուն համար: Ան նոյնիսկ կանխատեսած է որ «եկեղեցական առաջնորդներու վտարումը երկրէն, խաւար ժամանակներու նշան է»:

Նախկին թուրք խորհրդարանական Այքան Էրտեմիրը նշած է, որ թրքական կառավարութիւնը պատրուակած է կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուուղ քրիստոնէական եկեղեցիներու վերականգնումը, զանոնք վերահսկողութեան տակ առնելու նպատակով: Բացի այդ Էրտողան առաջարկած է, որ Ս.Սոֆիայի տաճարը վերածուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ -ի պաշտպանութիւնը վայելող մզկիթի մը: