Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու միութիւնը կոչ ըրած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ փոխհատուցում տալ

2020-04-25
Image

Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու միութիւնը (IHD)  Հայոց ցեղասպանութեան 105–րդ տարելիցին, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ուղղուած կոչով մը հանդէս եկած է։

Կոչին մէջ նշուած է. «Մեր պահանջը նոյնն է, ճանչցիր, ներողութիւն խնդրէ եւ փոխհատուցէ։  Ապրիլ 24-ը հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն դէմ կատարուած ցեղասպանութեան խորհրդանշական  օրն է։   1915–ի Ապրիլ 24–ին Սթանպուլի տուներէն հանեցին եւ մահուան ուղարկեցին յայտնի հայերը»։