Թուրքիան ռազմական անօդաչու թռչող սարքեր ուղարկած է հիւսիսային Կիպրոս

Թուրքիան ռազմական անօդաչու թռչող սարքեր ուղարկած է հիւսիսային Կիպրոս։ Կազի պաշարներով հարուստ միջերկրածովեան այս հատուածին մէջ իրադրութիւնը լարուած է այդ պաշարներու պատկանելութեան շուրջ առկայ տարաձայնությիւններու պատճառով։
Թուրքիոյ պատկանող անօդաչու թռչող սարքերն այստեղ ժամանած են այն բանէն ետք, երբ միայն Անգարայի կողմէ ճանաչում ստացած Կիպրոսի թրքական կառավարութիւնը տուած է անոնք այստեղ տեղակայելու արտօնութիւն։ Անոնց նպատակը թրքական հետազօտական նաւերու անվտանգութիւնը պաշտպանելն է, այն նաւերու, որոնք միջերկրածովեան այս կղզիի շրջակայ ջրային վիճայարոյց տարածքներու մէջ կ'իրականացնեն ածխաջրածնային պաշարներու որոնման աշխատանքներ։
Լարուածութիւնը կը տարածուի նաեւ դէպի հարեւան երկիրներ, այդ շարքին՝ դէպի Իսրայէլ։ Ըստ այս երկրի լրատուամիջոցներու, թրքական ռազմանաւերն Իսրայէլին պատկանող գիտահետազօտական նաւերէն մէկուն երկու շաբաթ առաջ ստիպած են հեռանալ Կիպրոսի շրջակայքէն։ Անցեալ շաբաթ, որպէս թրքական գործողութեան պատասխան քայլ, Իսրայէլի ռազմաօդանաւերը նոյն հատուածին մէջ թռիչքներ իրականացուցած են թրքական գիտահետազօտական նաւերուն վերը։
Իսրայէլն ու Եգիպտոսը Կիպրոսի յունական կառավարութեան հետ կնքած են ուժանիւթի աղբիւրներու համատեղ ուսումնասիրութիւն իրականացնելու մասին համաձայնագիր։ Իսկ Թուրքիան, Յունաստանն ու Մեծ Բրիտանիան կը համարուին Կիպրոսի երաշխաւորները համաձայն այս երկրին անկախութիւն շնորհած միջազգային պայմանագրի։
Յիշեցնենք, որ Կիպրոսը 1974 թուականէն ի վեր բաժանուած է թրքական ու յունական հատուածներու։ Այն տեղի ունեցած էր՝ Յունաստանի կողմէ կազմակերպուած յեղաշրջման հետեւանքով Թուրքիան այստեղ իրականացուց ռազմական ներխուժում։ Միջազգային համայնքը կը ճանչնայ է միայն Կիպրոսի յունական կառավարութիւնը։