Թուրքիան ՆԱԹՕ-էն հեռացնելու հարցով բանաձեւ ներկայացուած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատ

2020-10-19
Image

ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի դիմատետրի էջը կը յայտնէ, որ հանրապետական Թալսի Կապպարտի նախաձեռնութեամբ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատ ներկայացուած է բանաձեւ՝ Թուրքիան ՆԱԹՕ-էն հեռացնելու պահանջով։

Կոչ կ'ըլլայ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ իրականացնելու դաշնակիցներու հետ։ Փաստաթուղթին մէջ յստակ նշուած է հայերու դէմ Անգարայի դրսեւորած յարձակումի եւ ահաբեկչներուն աջակցելու մասին։