Թեհրանի մէջ օդանաւի մեծ արկած. Բոլոր ուղեւորները զոհուած են

Այսօր Թեհրանի մէջ ուքրանական ուղեւորատար օդանաւ վթարի ենթարկուած է՝ 176 ուղեւորներով եւ անձնակազմի անդամներով: ԶԼՄ-ները կը հաղորդեն, որ Ուքրանական միջազգային օդանաւային ընկերութեան «Պոինկ-737»-ը վթարի ենթարկուած է Իմամ Խոմեյնիի անուան օդակայանէն թռիչքէն ետք, ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ թեքնիք խնդիրներու պատճառով։ Ըստ BBC-ի, պարզ չէ, թէ արդեօք միջադէպը կապ ունի՞ Իրան-ԱՄՆ լարուածութեան հետ:
Յղում կատարելով իրանական ԶԼՄ-ներուն՝ Ռոյթըրզ գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր Իրանի մէջ կործանուած ուքրանական ուղեւորատար օդանաւի բոլոր ուղեւորները զոհուած են: Օդանաւին մէջ եղած են 176 ուղեւորներ, որոնք Թեհրանէն կ'ուղեւորուէին Քիեւ:
Իրանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը յայտնած է, որ օդանաւային վթարէն ողջ մնացած մարդոց գտնելու յոյս չկայ, քանի որ օդանաւի բոլոր բեկորները կ'այրին։ Փրկարարները հրդեհաշիջման աշխատանքներ կ'իրականացնեն։