Ըստ Ալիեւի անցնող 2019 տարուան ընթացքին դրական տեղաշարժ չէ եղած Ղարաբաղեան հիմնախնդրին առընթեր

2019-12-25
Image

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, ամփոփելով տարին, յայտարարած է՝ 2019 թուականին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով բանակցութիւններուն մէջ լուրջ առաջընթաց չէ արձանագրուած։

«Կը կարծեմ, այն պայմանաւորուած է քանի մը պատճառներով` Հայաստանի իշխանութիւններու ոչ կառուցողական դիրքորոշումը, միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ Հայաստանի վրայ բաւարար ճնշման բացակայութիւնը», - լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ժամանակ պարզաբանած է Ատրպէյճանի ղեկավարը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ Հայաստանի ղեկավարութեան «հակասական եւ անպատեհ» յայտարարութիւնները եւս բացասաբար անդրադարձած են բանակցային գործընթացի վրայ:

«Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն այն մասին, որ Ատրպէյճանը պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի հետ բանակցութիւններ վարէ: Անհեթեթութիւն է: Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինծառայողներու 90 տոկոսը Հայաստանի քաղաքացիներ են, այդ իսկ պատճառով բանակցութիւնները կ'ընթանան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ», - յայտարարած է Իլհամ Ալիեւը՝ եզրափակելով. - «2019 թուականին բանակցութիւններու ձեւաչափը մնացած է անփոփոխ՝ հակառակ Հայաստանի կողմէ այն փոխելու բոլոր փորձերուն: Կը կարծեմ, որ այն մեր դիւանագիտական յաջողութիւնն է»։