Զոհրապ Մնացականեանը ներկայ պիտի գտնուի Ժագ Շիրաքի հոգեհանգիստի արարողուեան

2019-09-30
Image

30 Սեպտեմբերին ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանը աշխատանքային այց պիտի կատարէ Ֆրանսայի Հանրապետութիւն՝ մասնակցելու Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքի հոգեհանգիստի արարողութեան, որ տեղի կ'ունեանայ Փարիզի Սեն Սիւլփիս եկեղեցւոյ մէջ (Église Saint-Sulpice), կը յայտնեն ՀՀ ԱԳ նախարարութենէն։

Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքը մահացած է 26 սեպտեմբերին։ Ան 86 տարեկան էր։