Երկու մարդ զոհուած է Պելառուսիոյ մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ

Պելառուսիոյ մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու ժամանակ զոհուած է երկու մարդ, որոնցմէ մէկը՝ Մինսքի մէջ: Այս մասին յայտարարած է երկրի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Վլատիմիր Քարանիքը, որ բողոքողներու խնդրանքով դուրս եկած է Պելառուսիոյ առողջապահութեան նախարարութեան շէնքի առջեւ հաւաքուած բժիշկներու մօտ։
Անոր խօսքերով՝ հիւանդանոցներուն մէջ կայ 158 մարդ, երեքը՝ ծանր վիճակի մէջ: Մնացած բոլորին վիճակը կայուն է, ոչ վտանգաւոր: Օքրեսթին փողոցին վրայ կայ վեց ձերբակալուած, որոնց բժիշկները կը հետազօտեն: Նախարարը ըսած է, որ բժիշկներուն կ'արտօնեն մտնել իրաւախախտներուն մօտ:
Նշենք, որ 9 Օգոստոսին, Պելառուսիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններ կայացած են: Համաձայն Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի (ԿԸՅ) վերջնական արդիւնքներուն՝ 80,1%-ով յաղթանակ տարած է գործող նախագահ՝ Ալեքսանտր Լուկաշէնքոն, իսկ Սվեթլանա Թիխանովսկայան, Լուկաշէնքոյի հիմնական մրցակիցը, հաւաքած է ձայներու 10,12%-ը եւ չէ ճանչցած ընտրութիւններու արդիւնքները: Գործող նախագահի վերընտրուելէն ետք երկրին մէջ զանգուածային բողոքի ալիք բարձրացած է, որ վերածուած է ոստիկաններու հետ բախումներու:
Աւելի ուշ գործադուլ սկսած է երկրի խոշոր արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններուն մէջ, որոնց աշխատակիցները պահանջած են նոր ընտրութիւններ եւ ցոյցերու մասնակիցներու հանդէպ դաժան վերաբերմունքի դադարեցում: Ընդդիմութեան բոլոր թեկնածուներու շտապները յայտարարած են, որ չեն ճանչնար ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքները: