Գերմանիոյ հետախուզական ծառայութիւնը յայտնած է «Քորոնա» ժահրի ծագման վերաբերեալ Ուաշինկթընի եւ Փեքինի միջեւ «տեղեկատուական պատերազմի» մասին

ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի՝ «Քորոնա» ժահրի յարուցիչի ծագման վերաբերեալ «վէճերու» ֆոնին Գերմանիոյ Դաշնային հետախուզական ծառայութիւնը (BND) վիրուսի առաջացման մասին իր եզրակացութիւնը ներկայացուցած է, կը գրէ inopressa.ru կայքը։
Կայքի փոխանցմամբ՝ ամերիկեան կողմի մեղադրանքներուն համաձայն՝ «Քորոնա» ժահրը չինական տարրալուծարանէ «դուրս եկած է», սակայն չինացիները կը հերքեն այդ վարկածը եւ անգամ հարցականի տակ կը դնեն այն պնդումը, թէ վարակը իրենց երկրին մէջ առաջացած է․ աւելին՝ վերջերս Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Չժաօ Լիցզիանը յայտարարած է, որ ամերիկեան բանակը ժահրը իրենց երկիր «բերած է»։
Գերմանական դաշնային հետախուզական ծառայութիւնն այս շաբաթ պատգամաւորներուն յայտնած է իր եզրակացութիւններու մասին եւ խօսած է Ուաշինկթընի եւ Փեքինի միջեւ «տեղեկատուական պատերազմի» մասին։ Նշուած է, որ յատուկ ծառայութիւնները որեւէ ապացոյց չունին, որ ժահրը տարրալուծարանի մէջ ստեղծուած է: Հետազօտողները շատ աւելի հաւանական կը համարեն չինական՝ վայրի կենդանիներու շուկային մէջ ժահրի՝ չղջիկէ մարդուն փոխանցուելու վարկածը։ Սակայն սա դեռ որպէս տեսութիւն կը մնայ:
Պունտեսթագի մէջ Գերմանական Ազատ դեմոկրատական կուսակցութիւնը կը ցանկայ հետաքննող յանձնաժողով ստեղծել, որ համաճարակի մեկնարկային կէտ համարուող Չինաստանի մէջ կը հետազօտէ SARS-CoV-2- ի ծագումն ու տարածումը։ Յայտնի է, որ աշխատանքային խումբին մէջ անկախ փորձագէտներ պէտք է ըլլան, որոնք յաւելեալ լիազօրութիւններ պիտի ունենան։