Արցախեան զեկոյցէն ետք Պաքու բողոք ներկայացուցած է

2019-08-23
Image

Պաքու բողոքի գիր յղած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին ՝ Հայաստանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան Լեռնային Ղարաբաղի մասին փաստաթուղթի տարածման կապակցութեամբ:

 ՄԱԿ-ի   մէջ  զեկոյցը  տարածուած է՝ «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու եւ տնտեսական, ընկերային ու մշակութային զարգացում ապահովելու նպատակով Արցախի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ»:

Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը յայտարարած է, որ Երեւանը «չարաշահած է իր անդամակցութեան իրաւունքը եւ անջատական ապօրինի ռեժիմի մասին թուղթեր տարածած»:

Լեռնային Ղարաբաղի դիւանագիտական գերատեսչութեան հեղինակած այդ փաստաթուղթին մէջ, որ տեղադրուած է ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքէջին մէջ, ներկայացուած է տեղեկատւութիւն երկրի տարբեր ոլորտներուն մէջ առաջընթացի մասին: