Արդեօք Ուաշինկթըն պիտի պատժէ Անգարան. Քոնկրեսականներու նոր պահանջը

ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին հարցերու յանձնաժողովը Թուրքիա՝ ռուսական C-400 զենիթահրթիռային համակարգերու նոր մատակարարումներու լոյսին տակ, երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ըրած է պատիժներ սահմանել Անգարայի դէմ: Այդ մասին յանձնաժողովը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, Twitter-ի էջին:
«Նախագահ Թրամփ, դուք պէտք է պատիժներ կիրառէք Թուրքիոյ դէմ C-400 ՀՕՊ համակարգեր գնելու համար, ինչպէս կը պահանջէ ամերիկեան օրէնքը: Թուրքիոյ շահերուն լաւագոյնս կը ծառայէ ԱՄՆ-ի, այլ ոչ թէ Գրեմլինի հետ գործընկերութիւնը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի վաղ Ներկայացուցիչներու պալատի յանձնաժողովը արդէն կոչ ըրած էր պատիժներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ՝ C-400-ի գնման պատճառով:
Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ С-400 համակարգերու գնման շուրջ բանակցութիւններու մասին առաջին անգամ յայտնի դարձած էր 2016 թուականի Նոյեմբերին, իսկ վաճառքի մասին պայմանագիրը կնքուած էր 2017֊ի Սեպտեմբերին, եւ ձեռք բերուած զենիթահրթիռային 4 միաւոր ունեցող համակարգերուն արժէքը 2,5 միլիառ տոլար կազմած է: